2009-07-21 13:55:03

40 Տարի առաջ մարդը լուսինը կ'երթայ. ''փառք Աստուծոյ եւ պատիւ մարդոց` գործակատարները անջրպետային մեծ ձեռնարկին։


40 Տարի առաջ մարդը լուսինը կ'երթայ. ''փառք Աստուծոյ եւ պատիւ մարդոց` գործակատարները անջրպետային մեծ ձեռնարկին։

Այսպէս բացականչեց Պօղոս Զ Քահանայապետը երբ երեք ամերկացիներ առաջին անգամուան համր ոտք դրին լուսնին վրայ։ Յուլիս 21 1969 Արմսդրոնկ մարդկային առաջին հետքը կը թողու լուսնի վրայ։ Պօղոս Զ Քահանայապետը մեծ գոհունակութեամբ ողջունեց մարդու արտակարգ դիպուածը։ Ապա իր պատգամին մէջ կը գրէր. փառք ու պատիւ բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին այս արտակարգ դիպուածը եւ անգամ մը եւս հաստատեցիք մարդու իմացական գերիշխանութիւնը։ Ապա խօսքը ուղղելով դէպի լուսին գացող առաջին երեք ճամբորդողներուն ըսաւ. ձեզի պատիւ, ողջոյն եւ օրհնութիւն, նուաճողները լուսնի, որ կը լուսաւորէ մեր գիշերներն ու երազները։ Ձեր ներկայութեամբ հաղորդեցէք Հոգւոյն ձայնը, Աստուծոյ փառքը, մեր Արարիչն ու Հայրը։ Յաջորդ օրը ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաբներուն ըսաւ. Եթէ Քրիստոս սկիզբն ու վախճանը տիեզերքի մենք չենք վախնար։ Եթէ Քրիստոսի հետ մնանք, կեանքին մէջ պիտի մնանք, ճշմարտութեան մէջ պիտի մնանք, կեանք պիտի մնանք։ Ապա Պօղոս Զ կ'ընդգծէ թէ որքան մարդը զարգանայ այնքան կարիքը կը զգայ Աստուծոյ։ Աստուծոյ կարիքը անբաժան է մարդու բնութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.